14/05/2026
ԳՈՅԺ'
Հ.Մ.Մ. Պէյրութի մեծ ընտանիքը կը գուժէ նախկին Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Կանանց Վարչութեան Ատենապետուհի Տիկին Արշալոյս Մելքիսէթեան-ի մահը։ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ իր ամուսինին Հ.Մ.Մ. Պէյրութի նախկին Ատենապետ ընկեր Յովհաննէս Մելքիսէթեանին եւ իր զաւակներուն, նաեւ իր թոռան ներկայիս Հ.Մ.Մ. Պէյրութի Ֆութպոլի մարզիկ Յովիկ Մելքիսէթեանին։
Երկնային խաղաղութեան ու լոյսերու մէջ հանգչի քու ազնիւ հոգին յարգելի ընկերուհի։