Homenetmen Antelias - ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Homenetmen Antelias - ՀՄԸՄ Անթիլիաս Homenetmen Antelias (Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիաս) was established in 1970 and is a chapter of Homenetmen Lebanon de

Յուլիս 28, 2026-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մարզիկ Միշէլ Ադայեանը մեկնեցաւ Եգիպտոս՝ մասնակցելու Արաբական աշխարհի 14-էն վար դա...
28/07/2026

Յուլիս 28, 2026-ին, Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մարզիկ Միշէլ Ադայեանը մեկնեցաւ Եգիպտոս՝ մասնակցելու Արաբական աշխարհի 14-էն վար դասակարգի ճատրակի ախոյեանութեան՝ ներկայացնելով Լիբանանը։
Ախոյեանութիւնը պիտի կայանայ Յուլիս 28-էն մինչեւ Օգոստոս 5, 2026։
Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի ընտանիքը եղբ. Միշէլին կը մաղթէ յաջողութիւն եւ լաւագոյն արդիւնքներ։

On July 28, 2026, Homenetmen Antelias athlete Michel Atayan departed for Egypt to compete in the Arab Under-14 Chess Championship, representing Lebanon.
The championship will take place from July 28 to August 5, 2026.
The Homenetmen Antelias family wishes Michel the very best of luck and every success, confident that he will represent Lebanon with pride and distinction.

Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ քոյրեր Մեղեդի Սնապեանը, Նանար Հաւաթեանը եւ Նարօտ Մերտխա...
25/07/2026

Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ քոյրեր Մեղեդի Սնապեանը, Նանար Հաւաթեանը եւ Նարօտ Մերտխանեանը, ինչպէս նաեւ եղբայրներ Արի Աւետիսը եւ Հրակ Մեսրոպեանը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարձրագոյն՝ «Արարատեան» կարգին արժանանալու առիթով։

Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ նաեւ քոյր մասնաճիւղերու բոլոր այն քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք արժանացան իրենց «Արարատեան» կարգին, մաղթելով բոլորին յարատեւ յաջողութիւն, նորանոր ձեռքբերումներ եւ շարունակական նուիրում Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան ծառայութեան մէջ։

Լիբանանի 18 տարեկանէն վար աղջիկներու պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը որ «Ա.» դասակարգ բարձրացաւ, Թայլանտէն Պէյրութ ժա...
22/07/2026

Լիբանանի 18 տարեկանէն վար աղջիկներու պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը որ «Ա.» դասակարգ բարձրացաւ, Թայլանտէն Պէյրութ ժամանեց Ասիոյ «Բ.» մակարդակի ախոյեանութիւնը նուաճելէ ետք, եւ հանդիսաւոր ընդունելութեան արժանացաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ: Խումբը ապահովեց իր վերելքը դէպի «Ա.» դասակարգ՝ ամբողջ մրցաշարքը աւարտելով առանց մէկ իսկ պարտութեան։ Մարզիկներուն նուիրուեցան ծաղիկներ եւ ոսկէ մետալներ՝ ի գնահատանք անոնց բացառիկ յաջողութեան։
Ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ՝ Աքրամ Հալապի, փոխ նախագահ՝ Դամամ Ժարուտի, գլխաւոր քարտուղար՝ Շարպէլ Րըզըք, գանձապահ՝ Վիքէն Չերչեան ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի անդամներ եւ այն ակումբներու նախագահները, որոնց կը պատկանին ներկայացուցչական խումբի մարզիկները, որոնց շարքին՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի ատենապետ Եղբ. Ճորճ Սապունճեանը։
Ներկայ էին նաեւ մարզիկներուն ընտանիքներու անդամներն ու բազմաթիւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։

Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մասնաճիւղի Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ մարզիչ Լարա Աշիքեան Աւետիսեանը՝ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար աղջիկն...
18/07/2026

Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մասնաճիւղի Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ մարզիչ Լարա Աշիքեան Աւետիսեանը՝ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար աղջիկներու պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբին օգնական մարզիչի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով։
Այս նշանակումը արժանի գնահատանք մըն է անոր նուիրումին, անխոնջ աշխատանքին եւ պասքեթպոլի զարգացման մէջ իր ունեցած արժէքաւոր ներդրումին։ Կը մաղթենք մարզիչ Լարային շարունակական յաջողութիւն իր նոր պարտականութիւններուն մէջ եւ վստահ ենք, որ ան պիտի շարունակէ հպարտացնել Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ ընտանիքը։

The Homenetmen Antelias Committee proudly congratulates Coach Lara Ashikian Avetisyan on her appointment as Assistant Coach of the Lebanon U18 Girls National Basketball Team.
This appointment is a well-deserved recognition of her dedication, hard work, and valuable contribution to the development of basketball. We wish Coach Lara continued success in her new role and are confident that she will continue to make the Homenetmen family proud.

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը մասնակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած միջվարչական Ա. ժողովին...
17/07/2026

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը մասնակցեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած միջվարչական Ա. ժողովին որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 14 Յուլիս 2026-ին Ազդակի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ներկայութեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերու եւ մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդներու ատենապետներուն, ինչպէս նաեւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Կազմակերպուեցան զանազան աշխատանոցներ՝ վարչական, հաշուապահական, քարոզչական, մարզական եւ սկաուտական մարզերէն ներս։ Մասնաճիւղերը ներկայացուցին իրենց գործունէութեան զեկուցումները:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը իր գնահատանքը կը յայտնէ Շրջանային Վարչութեան այս քաջալերելի նախաձեռնութեան համար եւ իր հսկողութիւնը անպակաս պահելու մասնաճիւղերուն գործունէութեան մէջ հեզասահ եւ կանոնաւոր ընթացք մը պահելու համար:

15/07/2026
14/07/2026
14/07/2026

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեան Խումբը
Հինգշաբթի, 9 յուլիս 2026-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանային ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը, խումբին անդամները, մարզիչներու կազմը, վարչական պատասխանատուներն ու գլխաւոր հովանաւոր Շանթ Շէկեանը` գլխաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Սապունճեանի:

Վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան` աւելցնելով, որ անիկա ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական շարժում մըն է, այլ նաեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դպրոց մը, որուն միջոցով հայ նոր սերունդները մարմնամարզական կրթութեան առընթեր, նաեւ կը դաստիարակուին հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով:

Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/695077

Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի ախոյեան Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլ...
12/07/2026

Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի ախոյեան Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը:
Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան՝ աւելցնելով, որ անիկա ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական շարժում մըն է, այլ նաեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դպրոց մը:
Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տալով մաղթեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ աւելի բարձր յաջողութիւններ նուաճելով:

On Thursday, July 9, 2026, His Holiness Aram I, Catholicos of the Great House of Cilicia, graciously received the Homenetmen Antelias Girls’ Basketball Team, the 2026 Lebanese Champions.
Joining the team were the Homenetmen Antelias Executive Committee, the coaching staff, and the team’s main sponsor, Shant Sheguian, led by Homenetmen Antelias President George Sabounjian.
During the meeting, His Holiness expressed his deep appreciation for the mission of Homenetmen, emphasizing that it is far more than a sports and scouting organization; it is a school that shapes individuals, nurtures values, and strengthens Armenian identity.
Concluding the visit with his paternal blessing, His Holiness encouraged Homenetmen to continue its inspiring mission and wished the organization even greater success in the years ahead.

11/07/2026

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ. ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԽՈՒՄԲԸ

Հինգշաբթի, 9 Յուլիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի ախոյեան Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը: Խումբին կ՚ընկերանային Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը, խումբին անդամները, մարզիչներու կազմը, վարչական պատասխանատուներն ու գլխաւոր հովանաւոր Շանթ Շէկեանը, գլխաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ճորճ Սապունճեանի:

Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան՝ աւելցնելով, որ անիկա ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական շարժում մըն է, այլ նաեւ մարդակերտումի եւ հայակերտումի դպրոց մը, որուն միջոցով հայ նոր սերունդները մարմնամարզական կրթութեան առընթեր, նաեւ կը դաստիարակուին հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով:

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի աղջկանց խումբին Լիբանանի ախոյեան դառնալը ապացոյց է, որ խմբային եւ հաւաքական հետեւողական աշխատանքով անպայման այսպիսի յաղթանակներու կրնանք հասնիլ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շեշտեց հովանաւորներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ յաջողութիւն արձանագրելու համար։ Ան այս ծիրէն ներս մասնաւորաբար յատուկ գնահատական խօսք ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի աղջկանց խումբի գլխաւոր հովանաւոր Շանթ Շէկեանին եւ իրեն նման հայորդիներու, որոնք կը հովանաւորեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական խումբերը։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիասի մասնաճիւղի ատենապետ Ճորճ Սապունճեան ընդհանուր գիծերու մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրներն ու կատարուելիք աշխատանքները: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տալով մաղթեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ աւելի բարձր յաջողութիւններ նուաճելով:

Address

Aghpalian Club
Antilyas

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Homenetmen Antelias - ՀՄԸՄ Անթիլիաս posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share